
Թուրքիայի մէջ անհանգստացուցեր են Կիպրոսի Հանրապետութեան յունական հատուածի մէջ որոշ թուրքական անուանումներ ունեցող փողոցներու անվանափոխութիւններէն: Թուրքական «Hürriyet» իշխանամերձ լրատուակայքի հոդուածին մէջ Կիպրոսի յույներուն կը մեղադրեն 1974-էն առաջ կղզիի հարաւային հատուածի մէջ եղած թուրքական թաղամասերուն տիրանալու, այժմ այդ թաղամասերու փողոցներու անունները վերացնելու մէջ՝ մոռնալով նոյն թուականին Թուրքիայի կողմէ իրականացուած եւ առ այսօր շարունակուող Կիպրոսի գրեթէ կէսի օկուպացիան:
Փողոցներու անուանափոխութիւնէն անհանգստացած թուրք հոդուածագիրը անոնց շարքին յիշատակած է նաեւ Կիպրոսի Պաֆոս քաղաքի Թալեաթ փաշայ պողոտայի անուանափոխութիւնը, որը շաբաթներ առաջ տեղի հայ համայնքի ջանքերով քաղաքային իշխանութիւններու կողմէ վերանուանուեր էր Արդարութեան պողոտայ:
Նշենք, որ 1974թ. թուրքական օկուպացիայի հետեւանքով կղզիի բաժանումէն ետք թուրքական հատուածէն աւելի քան 200.000 յոյն տեղափոխուերէ յունկան հատուած։