
Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին կլոպալ տաքացումը աւելի զգալի է՝ ի դէմս վերջին շրջանին եղանակային փոփոխութեան, ջրային ռեսուրսներու նուազման եւ կենդանական աշխարհի որոշ տեսակներու վարքագիծի փոփոխման։
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ սեզոնային ջերմաստիճանի նորմայէն աւելի բարձրանալը հանգեցուցեր է անոր, որ գիւղական վայրերու մէջ սողուններն սկսեր են վաղ արթնանալ ձմեռային կարգավիճակէն: Այս փաստը ցոյց կուտայ, որ կլոպալ տաքացման պատճառով կսկսի փոխուիլ կենդանատեսակներու բազմացման ժամանակաշրջանը եւ այդ անոնց վրայ կարող է բացասաբար ազդել:
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ վերջերս նորմայէն բարձր ջերմաստիճաններ կը գրանցուին: Այսպիսի ջերմաստիճանի ազդեցութեամբ նկատելի է, որ սառնարիւն կենդանիներու խումբէն մողեսներն ու օձերն սկսեր են աշխոյժանալ: