
Հրանտ Մաթեւոսեանը ծնած է 1935 թուականի Փետրուարի 12-ին Թումանեանի շրջանի Ահնիձոր գիւղին մէջ։
Հաճախած է գիւղի դպրոցը, ապա կրթութիւնը շարունակեր է Կիրովականի(Վանաձորի) մանկավարժական ինստիտուտին մէջ:
1958-1962 թուականներուն սորուած է Երեւանի մանկավարժական ինստիտուտի պատմալեզուաբանական ֆակուլտետը: Ուսումին հետ զուգահեռ, որպէս սրբագրիչ, աշխատեր է «Սովետական գրականութիւն» ամսագրիրի եւ Գրական թերթի աշխատանքին։
1965-1967 թուականներուն Մոսկուայի մէջ անցեր է բարձրագոյն սցենարական դասընթացքներ:
Մաթեւոսեանի յետագայ ամբողջ ստեղծագործութիւնը կապուած է գիւղի եւ գիւղացիի հետ։Անոր հերոսները մարդիկ են, որոնք չեն լքեր իրենց աշխարհը, իրենց գիւղը, չարչարուելով ամբողջ կյանքը, որովհետեւ ճիշտ կը տեսնեն , որ մարդու առաջին պարտքը աշխատիլ եւ աշխարհը լաւացնելն է:
ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1964 թուականէն։ 1996-2000 թուականներուն նախագահեր է Հայաստանի գրողներու միութիւնը։
Անոր վիպակներու հիման վրայ նկարահանուեր են շարք մը կինոնկարներ («Մենք ենք, մեր սարերը», «Աշնան արեւ», «Տերը»), բեմադրուեցան ներկայացումներ: Մաթեւոսեանը ճանաչուած է ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ, ստացաւ խորհրդային ամենաբարձր գրական պարգեւներէն մէկը` Պետական մրցանակը:
Ստեղծագործութիւնները թարգմանուեր եւ հրապարակուեր են ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, լիտուերէն, մոլդովերէն, էստոներէն, վրացերէն, ղազախերէն, ղրղզերէն, ուկրաիներէն, չեխերէն, հունգարերէն, նորվեգերէն, բուլղարերէն եւ այլ լեզուներով։
Մահացեր է 2002 թուականի Դեկտեմբերի 19-ին Երեւանի մէջ։ Կը հանգչի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։