
Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ ՀՀ 2020 թուականի Հունուար-Դեկտեմբերին 76,5 տոկոսով նուազեր է գորգերու եւ գորգեղենի արտադրութիւնը:
Ինչպէս Panorama.am-ը կը տեղեկանայ Կոմիտէէն, նշուած ժամանակահատուածին հանրապետութեան մէջ արտադրուեր է 7.4 տոննա գորգեր եւ գորգագործական արտադրատեսակներ, իսկ 2019 թուականին՝ 31.5 տոննա։
Յիշեցնենք, որ 2019 թուականին հանրապետութեան մէջ արտադրուերէ 31.5 տոննա գորգեր եւ գորգեղեն՝ 2018 թ-ի համեմատ աճելով 19.8%-ով։
Գորգագործութեան անկումը նաեւ կապուած է Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմով, որու հետշեւանքով զգալի տուժեր են Արցախի մէջ գորգագործութեամբ զբաղուող տնտեսութիւնները։