
Արեւմտեան Հայաստանի Երզնկայ նահանգի ամենակարեւոր մշակութային արժէքը հանդիսացող Քեմալիէ գաւառը ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցուցակին մէջ առաջադրուելու համար սկսեր են նախնական աշխատանքները։
Մշակութային եւ բնութեան զբոսաշրջութեան նպատակով իրականացուող աշխատանքներու շրջանակներուն մէջ պայմանագիր կնքուեր է Քեմալիէի քաղաքապետարանի եւ KUDAKA գործակալութեան միջեւ:
Ծրագիրի շրջանակներուն մէջ նախատեսուած է իրագործելիութեան աշխատանքերու միջոցով Քեմալիէի մէջ բացայայտեր է բնական, մշակութային եւ ոչ նիւթական ժառանգութիւնները եւ նպաստել, որպէսզի շրջանի բնական, մշակութային, ոչ նիւթական կարեւորագոյն արժէքները ներառուին ցուցակին մէջ: Այսպիսով շրջան ժամանող տեղացի եւ օտարերկրեայ զբոսաշրջիկներու քանակի կաւելնայ: