
Արեւմտեան Հայաստանի Վան, Հաքքարի, Պաղեշ եւ Մուշ նահանգներուն մէջ ձիւնի առատ տեղումներու եւ բուքի պատճառով արգելափակուեր է 169 բնակավայր:
Վանի քաղաքապետարանի կողմէ կատարուած յայտարարութեան համաձայն, եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով Պաշքալէի 142, Չալտըրանի 2 եւ Գիւրփնարի 1 բնակավայրերու երթեւեկն ամբողջովին արգելափակուեր է:
Պատկան մարմինները սկսեր են ձիւնամաքրման աշխատանքները փակուած ճանապարհները բանալու համար: Քաղաքի կենտրոնին մէջ եւս առատ տեղացած ձիւնի պատճառով վարորդները հանդիպեր են դժուարութիւններու։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ ձիւնի առատ տեղումներու եւ բուքի պատճառով թէ Պաղեշի թէ Մուշի մէջ փակուեր են 12 գիւղերու ճանապարհներ:
Յռաջիկայ օրերուն եւս տեղումները կը շարունակուին։