
Լոյս տեսեր է Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Արսեն Հարութունեանի «Երեւանի Ս․Անանիա Առաքեալի Անապատը կամ Զօրաւոր Ս․Աստուածածին եկեղեցին» ուսումնասիրութիւնը։
Աշխատութիւնը նուիրուած է Երեւանի երբեմնի հռչակաւոր Ս. Անանիա առաքեալի անապատի եւ անոր տեղւոյն՝ 1693 թ. կառուցուած Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատմութեանն ու մշակութային ժառանգութեանը: Առաջին անգամ փորձ կատարուեր է մատենագրական ու վիմագրական սկզբնաղբիւրներու, ինչպէս նաեւ արխիվային վավերագրերու միջոցով ամբողջացնել անապատի գրչութեան դպրոցին մէջ ընդօրինակոուած ձեռագիր մատեանները, Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ պատմութիւնը, վիմագրերն ու եկեղեցական առարկաներու արձանագրութիւնները:
Գիրքը նախատեսուած է աղբիւրագետներու, պատմաբաններու, Հայ եկեղեցիի եւ Երեւան քաղաքի պատմութեան հարցերով զբաղուողներու եւ ընթերցող լայն հասարակութեան համար: