
Արեւմտեան Հայաստանի Ուրֆայ նահանգի Հառան գաւառը գրանցուած է ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցուցակին մէջ՝ շնորհիւ այնտեղ կառուցուած կոնաձեւ գմբեթաւոր տուներու: Հառանի կոնաձեւ գմբեթաւոր տուները ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց առանձնահատկութիւններով:
Դուսի կողմէն կաւով, իսկ ներսի ձվի սպիտակուցով, հողով, ծղոտով եւ վարդի իւղի խառնուրդով սվաղուած տուները կը զարմացնեն եւ կը հիացնեն այցելուներուն՝ ամառը տաքին սառը, ձմեռը տաք մնալու հատկութեամբ: Գաւառին մէջ ապրողները դեռ կը շարունակեն բնակիլ կոնաձեւ գմբեթաւոր տուներուն մէջ:
Նախկին ժամանակ կառուցուած այս տուներու իւրաքանչիւր գմբեթը կը խորհրդանշէր այդ տունի ֆինանսական վիճակը: Քանի որ տուներուն մէջ բոլորը ազգակցական կապ ունեցեր են, տուները կառուցուեր են ներսէն փոխկապակցուած։
Բոլոր տուները պաշտպանուած են պատմական պահպանուող տարածքին մէջ եւ գրանցուած են պետական պահպանութեան խորհուրդի կողմէ: