
Փետրուարի 25-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արա Այուազեանը հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Պապաեանի հետ:
Նախարարներ Այուազեանն ու Պապաեանը կարեւորեցին Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ համագործակցութեան աւելի ամրապնդումը եւ փոխշփումներու ու խորհրդակցութիւններու անցկացումը` առկայ օրակարգային հարցերու առաւել արդիւնավետ քննարկման եւ յետագայ քայլերու ուրուագիծման համար:
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման առանցքն էին թուրք-ատրպէյճանական վերջին ագրեսիայի հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած եւ անհապաղ հասցէագրում պահանջող հումանիտար խնդիրները, այդ թիւին հայ գերիներու շուտափոյթ հասցէագրումը: ԱրցախԻ մէջ սոցիալ-տնտեսական իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերու համատեքստին հատկապէս շեշտուեց միջազգային մասնագիտական կառոյցներու` տեղւոյն ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը: