
Այս մասին յայտնեցին Մարդու իրավունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժիէն:
Նման հնարաւորութիւն ունին բացառապէս «A» միջազգային կարգավիճակով օժտուած մարդու իրավունքներու ազգային հաստատութիւնները:
Տեսաուղերձէն առաջ խորհուրդին ներկայացուեր է Մարդու իրավունքներու պաշտպանի աւելի ծաւալուն գրաւոր զեկոյցը:
Թէ՛ տեսաուղերձով, թէ՛ գրաւոր զեկոյցին մէջ նշուծ է, որ 2020թ. Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներու պատերազմի ընթացքին ատրպէյջանական զինուած ուժերը խոշտանգեր են ու դաժան վերաբերմունքի ենթարկեր են հայկական կողմի զինծառայողներուն եւ քաղաքացիական անձերուն: Բացի այդ, ատրպէյջանական զինծառայողները խոշտանգումներու ու դաժան վերաբերմունքի տեսանիւթերու մէջ օգտագործեր են նոյն բառերը, ինչ կը գործածուի ատրպէյջանական պաշտօնական ելոյթներուն:
Հայերու նկատմամբ էթնիկ պատկանելիութեան շարժառիթներով հանցագործութիւնները կը խրախուսուին ատրպէյջանական իշխանութիւններու կողմէ ու այդ հաստատուած է ՄԻԵԴ-ի վճիռներով:
Այս կոնկրետ նիստը նուիրուած եղեր է ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու հարցերով հատուկ զեկուցողի հետ քննարկմանը: