
Արեւմտեան Հայաստանի Մուշ նահանգին մէջ առատ ձիւնի տեղումներու պատճառով երթեւեկի համար փակուած գիւղական ճանապարհներուն կը շարունակուի պայքարը ձիւնի դէմ: Մարտի տեղացած առատ ձիւնի եւ բուքի պայմաններուն ձիւնամաքրում իրականացնող խումբերը դժուարութեամբ առաջ կը շարժուին այն ճանապարհներով, որտեղ ձիւնի հաստութիւնը կը հասնի 5 մետրի, իսկ ձիւնի կոյտերէն թունելներ առաջացեր են:
Ծովի մակարդակից 2 հազար 600 մ բարձրութեան վրայ գիշեր ու զօր քրտնաջան աշխատող խումբերը ձիւնի զանգուածները մաքրելով քայլ առ քայլ առաջ կընթանան:
Անոնք բացեր են գիւղական 95 ճանապարհներէն 89-ը, այժմ կը շարունակուի աշխատանքը մնացած 6 ճանապարհներու համար: