
Հայաստանի մարդու իրավունքներու պաշտպան Արման Թաթոեանն արտահերթ զեկոյց հրապարակեր է, որու մէջ նշուած է, որ ատրպէյջանական իշխանութիւնները կատարած են մարդկութեան դէմ ուղղուած հանցագործութիւններ COVID-19-ի պայմաններուն Արցախի եւ Հայաստանի դէմ զինուած հարձակումներով: «Արմենփրես»-ին այս մասին յայտնած է Մարդու իրավունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն:
Նշուած է, որ Մարդու իրավունքներու պաշտպանի այս արտահերթ զեկոյցը օրինակներով ու մասնագիտական վերլուծութեամբ ցոյց կուտայ «Ատրպէյջանի կողմէ մարդկութեան դէմ կատարուած հանցագործութիւնները COVID-19-ի աղետի համատեքստին»:
Արտահերթ զեկոյցի մէջ նշուած է, որ չնայած ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութիւններուն, որ COVID-19-ի պայմաններուն պէտք է անհապաղ դադարեցուի բոլոր իրավիճակներուն ռազմական գործողութիւնները,Ատրպէյջանը ձեռնաարկեր է ագրեսիա Արցախի նկատմամբ:
Զեկոյցն կուղարկուի միջազգային համապատասխան կառոյցներուն, ՀՀ պետական մարմիններուն»,- կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։
ՄԻՊ արտահերթ զեկոյցն հասանելի է այստեղ: