
«Ազնավուր» հիմնադրամն ընդուներ է շուրջ 105 տոննա մարդասիրական օգնութիւն` Արցախեան երկրորդ պատերազմէն տուժած բնակչութեան համար:
Այս մասին կը յայտնէ հիմնադրամի մամուլի ծառայութիւնը։
«Օգնութեան այս նոր խմբաքանակը եւս Հայաստան ուղարկեր է Ֆրանսիայի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան «Ճգնաժամային աջակցութեան կենտրոնի» աջակցութեամբ։
Օգնութեան այս խմբաքանակը կը ներառէ բժշկական պարագաներ, մասնաւորապէս՝ ֆունկցիոնալ բժշկական մահճակալներ, ինչպէս նաեւ հագուստ ու հիգիենայի պարագաներ։ Այս մոպիլիզացիան հնարաւոր դարձեր է աւելի քան 50 կազմակերպութիւններու եւ 100 նուիրատուներու միասնութեան, համերաշխութեան ու քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ»,– կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Կը տեղեկացուի, որ ընդհանուր առմամբ, իր հումանիտար ծրագիրի շրջանակներուն «Ազնավուր» հիմնադրամի եւ վերջինիս շուրջ համախմբուած գործընկեր կազմակերպութիւններու միջոցով Ֆրանսիայի եւ Շուեյցարիայի մէջ գտնուող 19 ընդունման կէտերուն մէջ հաւաքագրուեր է աւելի քան 175 տոննա մարդասիրական օգնութիւն: