
Բացարձակ անյարգալի վերաբերմունք ցուցաբերելով ատրպէյջանա-արցախեան հակամարտութեան տեւական կարգաւորմանն ուղղուած շարունակական ջանքերու նկատմամբ՝ Ատրպէյջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն իր տիկնոջ՝ Ատրպէյջանի առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու ուղեկցութեամբ այցելեր է Արցախի Հանրապետութեան օկուպացուած Հադրութի շրջան: Այս մասին կ՛ըսուի Արցախի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։
«Օկուպացուած տարածքներուն մէջ գտնուելու ժամանակ նախագահ Ալիեւն անձամբ հանձնարարեր է իրեն ուղեկցող պաշտօնեաներուն՝ ջնջել միջնադարեան հայկական արձանագրութիւններն օկուպացուած տարածքներուն մէջ գտնուող եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու պատերէն։
Նման պաշտօնական այցերն Ատրպէյջանի հայատեաց ու ռազմատենչ, քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ յետագայ ծրագիրներու մարմնաւորումն են:
Արցախի Հանրապետութիւնը բազմիցս տեղեկացուցեր է միջազգային հանրութեանն Ատրպէյջանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող մշակութային ահաբեկչութեան, անոր ռազմական օկուպացիայի տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ցեղասպանական ծաւալապաշտական քաղաքականութեան կոպտագոյն առաջմղման մասին:
Այդ ցեղասպան քաղաքականութիւնը հանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ, միջազգային նորմերու, դաշնագիրներու, բանաձեւերու եւ համաձայնագիրերու կոպիտ խախտում է եւ սպառնալիք ողջ քաղաքակիրթ աշխարհի համար։
Կոչ կ՛ընենք համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններուն ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու դատապարտելու Ատրպէյջանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը: Անգործութիւնն ու անտարբերութիւնը կարող են անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ»: