
Եւրամիութիւնը կը քննարկէ Թուրքիայի զբոսաշրջութեան ոլորտի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելը այս շաբաթ կայանալիք գագաթնաժողովէն առաջ, կը տեղեկացնէ Euobserver- ը:
ԵՄ դիւանագիտական ծառայութեան ռազմավարական փաստաթուղթի համաձայն, դաշինքը կը քննարկէ պատժամիջոցներու լայն շրջանակ, որոնք ուղղուած կըլլան Թուրքիայի տնտեսութեան կարեւոր ոլորտներուն:
Քննարկուող այլ միջոցառումներէն են Եւրոպական ներդրումային մարմնի կողմէ վարկերու տրամադրման սահմանափակումները եւ էներգետիկ ոլորտի մէջ ֆիզիկական անձերու նկատմամբ պատժամիջոցները, հատկապես, ովքեր կը զբաղուին Միջերկրական ծովի արեւելեան վիճելի ջուրերուն մէջ հորատումներով: