
Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողները մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած են Ստեփանակերտ, կը գրէ ՌԴ ՊՆ-ն։
Նախօրէին ռուս խաղաղապահները ռուսական մարդասիրական առաքելութեան, Доктор Лиза և Спеши к добру բարեգործական հիմնադրամներու ներկայացուցիչներու հետ համատեղ Ստեփանակերտի քաղաքային հիւանդանոց տեղափոխած են աւելի քան 50 անուն բժշկական սարքաւորումներ եւ այլ պարագաներ։
Բացի այդ, ակցիայի շրջանակին աւելի քան 350 դասագիրք փոխանցուեր է թիւ 3 դպրոցին։
«Մոսկուայի միջնակարգ դպրոցներու աշակերտներու եւ ծնողներու անունով թիւ 3 դպրոցի ուսուցիչներուն եւ սաներուն փոխանցեր են աւելի քան 350 գիրք ՝ դասագիրքեր, գեղարուեստական գրականութիւն եւ սեղանի խաղեր»,- կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։