
«UWC Դիլիջան» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆաուհաուս. hետահայաց» խորագիրով վիզուալ արուեստներու ցուցահանդէսի բացումը, որտեղ ներկայացուցին 27 նկարիչներու գործեր աշխարհի տարբեր երկիրներէն։
Կորոնավիրուսի համավարակը եւ Արցախեան պատերազմը խորապէս ազդեր են UWC Դիլիջանի դպրոցական համայնքի վրայ՝ ստիպելով շատ իրողութիւններու նայել այլ տեսանկիւնէն, առաջադրելով սուր հարցեր կեանքի իմաստի, ընտանիքի, հասարակութեան, բնութեան, պատմութեան, մշակութային ժառանգութեան եւ արուեստի մասին: Ցուցադրուող աշխատանքներն, ըստ էութեան, այս հարցերու պատասխանները փնտրելու փորձ են: Ցուցահանդեսը կը ստիպէ այցելուներուն մտորել այս կարեւոր հարցերու շուրջ:
Վիզուալ արուեստներու ցուցահանդէսն ամենամեայ միջոցառում է, որն կանցկացուի դպրոցի բացումէն ի վեր (2014 թ.)։
UWC Դիլիջանը հետխորհրդային տարածքին մէջ հիմնուած առաջին միջազգային դպրոցն է, որը կը գործէ UWC կրթական մոտելով։ Դպրոցն իր դուռերը բացեր է 2014 թուականին Հայաստանի Դիլիջան քաղաքին մէջ: Այն ներկայիս ունի 226 ուսանող աշխարհի աւելի քան 80 երկիրէ, իսկ դասախօսական կազմը կը ներառէ 26 ուսուցիչ՝ 11 երկիրէ։ UWC Դիլիջանի ստեղծման գաղափարը կը պատկանի հանրօգուտ ներդրողներ եւ սոցիալական ձեռներեցներ Ռուբեն Վարդանեանին եւ Վերոնիկա Զոնաբենդին, որոնք այն կեանքի կոչած են այլ հիմնադիր նուիրատուներու աջակցութեամբ:
Ամբողջական հոդուածը կարող եք կարդալ մեր կայքին տեղադրուած հղումով՝ https://www.aravot.am/2021/03/29/1180415/