
Արեւմտեան Հայաստանի Սեւծովեան տարածաշրջանի արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող զբոսաշրջութեան կարեւոր կենտրոններէն մէկը՝ Կարաջայ քարանձաւը բացած է զբոսաշրջութեան սեզոնը Covid-19 կանխարգելող միջոցառումներու շրջանակներուն:
Քարանձաւը, ուր ամեն տարի կայցելեն տասնեակ հազարաւոր տեղացի եւ օտարերկրեայ զբոսաշրջիկներ, 5 ամիս տեւած տեխնիկական աշխատանքներէն ետք վերաբացուած է:
«Covid-19» միջոցառումներու շրջանակներուն, ստալակտիտի եւ ստալագմիտի խտութեան եւ առաստաղի բարձրութեան տեսանկիւնէն աշխարհի եզակիներէն համարուող քարանձաւը չընդունիր 20-էն աւելի մարդ:
Անձրեւաջրերը եւ հալող ձիւնը կաթելով կրաքարի մէջ, կառաջացնեն այդ կազմաւորումները (ստալակտիտ եւ ստալագմիտ): Անոնք ամբողջովին կրաքարային գոյացութիւններ են: 12 տարուայ ընթացքին այն կերկարի մոտ 1 սանտիմետրով:
Եթէ ունիք հնարաւորութիւն այցելելու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող ստորգետնեայ այս խորհրդաւոր թագաւորութիւնը, ապա շտապեք իրագործել այն։