Tumo  լապորատորիաներու եւ Հայաստանի ազգային գիւղատնտեսական համալսարանի համատեղ նախագիծի շրջանակին բոյսերն ջրելու ավտոմատացուած համակարգի մշակման յաջող աւարտէն ետք մեկնարկեր է նոր՝ աւելի ծաւալուն նախագիծ:

Այս անգամ ուսանողները կը ստեղծեն ավտոմատացուած գիւղատնտեսական քաղաք, որու հիմքը կ՛ըլլայ Arduino ծրագրաւորման լեզուն:

Կազմակերպիչներու խօսքով, հիմնական նախագիծին մասնակցելու հնարաւորութիւն կունենան արդեն սկսած եռամսեայ դասընթացքներու ընթացքին լաւագոյն արդիւնքի հասած ուսանողները։