Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսած, Օսմանեան կայսրութեան  դաշնակից գերմանացի զինուորները եկան Տիգրանակերտ: 1915-ին կոտորածը սկսելէ ետք հայկական եկեղեցիները դատարկուեցան եը կողոպտուեցան, իսկ գերմանացի զինուորները հաստատուեցան այս եկեղեցիներուն մէջ:

Արեւմտեան Հայաստանի Տիգրանակերտի մէջ 6 ամիս տեւած ջարդի ընթացքին կոտորուեր են հարիւր հազարաւոր հայեր՝ ինչպէս Տիգրանակերտցի, այնպէս ալ անոնց, որորնց հաւաքած բերած էին տարբեր շրջաններէն՝ Սուրիա աքսորելու համար: Սուրբ Կիրակոս եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիները, որոնք դատարկուեցան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած սպանդի ժամանակ, օգտագործուեցան որպէս շտապ՝ գերմանացի զինուորականներու համար: Հայերու աքսորի եւ կոտորածի հրամանը բոլոր նահանգապետերուն ծանուցուեր է գաղտնագրուած հեռագիրով: 

Հայերշու միակ տարանցիկ կէտը, որտեղէն դէպի Հալէպ եւ Տեր-Զոր պէտք է տեղահանուէին Սեւ ծովի Արեւելեան եւ Սերհատի շրջանէն բերուած հայերը, Տիգրանակերտ նահանգն էր:

Քանի որ Տիգրանակերտը խիտ էր բնակեցուած հայերով, աքսորի ընթացքը աւելի լաւ կազմակերպելու համար գործի անցան հատուկ ծրագիրներ:

Տիգրանակերտ նահանգը, որուն  կը պատկան էր Մարդին, Միտիաթ, Պեշիրի, Նուսայպին, Սիվերեկ, Մադենը եւ​և Էրգանի գաւառներներն ու սանջակները,  Վանէն ետք, թիւվ երկորդն էր՝ հայ բնակչության քանակով։