«Ապե Արամ» մականունով սիրուած հայ երգահան Արամ Տիգրանի կինը՝ Սիրվարդ Մելիքեանը, պայմանագիր կնքած է գերմանա-քիւրտական մշակութային ինստիտուտի հետ, որպէսզի հրապարակուի եւ տպագրուի արուեստագետի բոլոր ստեղծագործութիւններու հեղինակային իրաւունքը։
Այդ նպատակով Սիրվարդ Մելիքեանը ինստիտուտին փոխանցեր է Տիգրանի հեղինակային իրաւունքի եւ լիցենզիայի բոլոր փաստաթուղթերը:
Սիրվարդ Մելիքեանը նշած է նաեւ, որ իրենք ինստիտուտի հետ միասին կը ցանկանան իրականացնել Սուրիայի մէջ իր անուան հիմնադրամ հիմնելու գործընթացը, որը Արամ Տիգրանի ամենամեծ փափագն եղած է:
Ըստ ինստիտուտի կատարած յայտարարութեան՝ Արամ Տիգրանի բոլոր աշխատանքները կը վերանայուին եւ կը վերականգնուին: Բացի այդ, գրող եւ հրապարակախօս Կաքշար Օրեմարը կը պատրաստէ մեծ քաթալոկ, որտեղ ներառուած կըլլայ երաժիշտի բոլոր աշխատանքները, եւ ինստիտուտը կը հրապարակէ անոնք:
Արամ Տիգրանը ծնած է 1934 թուականին Սուրիայի Քամիշլի քաղաքին մէջ՝ 1915 թ.-ին հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան ժամանակ Տիգրանակերտէն վտարուած ընտանիքի մը մէջ: Ան իր ողջ կեանքի ընթացքին երգած է քիւրտերէն, հայերէն եւ արաբերէն: Արուեստագետը սկսած է երաժշտութեամբ հետաքրքրուիլ ինը տարեկան հասակին եւ սորուած է ուտ նուագել։
1966-էն ետք ան մեկնած է Երեւան՝ Հայաստանի մայրաքաղաք եւ 18 տարի աշխատած է Երեւանի ռատիոյին մէջ: 1995-էն ետք ան հաստատուած է Աթենք:
Իր կտակին մէջ գրած էր, որ ամենամեծ ցանկութիւնը մահէն ետք հայրենիքի՝ Տիգրնակերտի մէջ հուղարկաւորուիլն է, որուն սակայն թոյտուութիւն չի տրուեցաւ։