ՆԱԹՕ-ի յայտարարութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին վերաբերեալ

  • by Éditeur, September 14, 2022 in Միջազգային Քաղաքականութիւն
859 դիտում

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի քաղաքական հարցերու եւ անվտшնգութեան քաղաքականութեան գիծով օգնականի տեղակալ, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէր Քոլոմինա արձագանգած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին Պաքուի սանձազերծած թշնամական գործողութիւններուն:

«Շատ անհանգստացած եմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին երկայնքով յարձակումներէն, այդ թուին՝ Հայաստանի ներսը բնակավայրերուն եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն հասցուած հարուածներուն համար: ՆԱԹՕ ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման եւ շտապ ապառազմականացման կոչ կ’ուղղէ»,- թուիթըրեան էջին գրած է Քոլոմինա: