22 Ապրիլ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւն անցկացուց ՝ Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած zoom֊հանդիպումը։
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան zoom֊հանդիպման ընթացքը ներկայացուց ՝ Բեռլինի վեհաժողովէն ետք տեղի ունեցած դէպքերու մասին, որոնք ճակատագրական եղան ողջ հայութեան համար։ Բեռլինին վեհաժողովէն ետք` 1891թ., Աբդուլ Համիդին հրամանով ստեղծուեցաւ բացառապէս քիւրդերէն կազմուած եւ օսմանեան կառավարութեան հաշուին պահուող հեծելազոր, որը անոր անունով կոչուեցաւ «Համիդիէ»: Այն կազմուած էր 30 գնդերէն եւ չէր մտնէր օսմանեան բանակի համակարգին մէջ, այլ կը պահպանուէր որպէս ինքնուրոյն ռազմական միաւոր` տեղակայուած հայկական Երզնկայ քաղաքին մէջ: «Համիդիեի» գլխաւոր նպատակը, փաստորէն, կայսրութեան ողջ տարածքին մէջ հայկական ջարդեր իրականացնիլն էր: 1908թ. Յուլիս Երիտասարդ Թիւրքերու հեղաշրջման հետեւանքով, սուլթան Աբդուլ Համիդ II- զրկուեցաւ իշխանութենէ, իսկ 1909թ.` գահընկեց արուեցաւ:
Երիտթիւրքերը ասպարեզ գալով շարունակեցին Համիդի «գործը»։ 109 տարի է անցած, սակայն Արեւմտեան Հայաստանի հարցը կը շարունակէ մնալ օրհասական եւ որոշ պարագային կը կրկնուի Արեւելեան Հայաստանին մէջ։
