Ախալքալաքի դպրոցահասակ բռնցքամարտիկները մասնակցեցան Վրաստանի ախոյեանութեան

  • by Editbeglari, May 14, 2025 in Լուրեր
410 դիտում

Ախալքալաքի մարզահամալիրի սաները կը մասնակցին Վրաստանի բռնցքամարտի դպրոցահասակ տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան, որ տեղի կ’ունենայ Քութայիսիի մէջ՝ Մայիս 12-18։

Մայիս 12-ին, 13 բռնցքամարտիկ՝ 13-14 տարեկան պատանի, մեկնած է Քութայիսի՝ մասնակցելու բռնցքամարտի Վրաստանի ախոյեանութեան։

Ախալքալաքէն մրցաշարքին կը մասնակցին 12 պատանի տղաք եւ մէկ աղջիկ՝ Գոհար Աբդոյեան։ Մրցումները սկսած են Մայիս 13-ին։ Ախոյեանութեան աւարտական արդիւնքները պիտի յայտնուին Մայիս 18-ին։

Ախալքալաքի մարզահամալիրի տնօրէնը՝ Վրաստանի վաստակաւոր մարզիչ եւ բռնցքամարտիկ Աթոմ Էլիզպարեան, կը նշէ թէ այս մրցաշարը շատ կարեւոր է սաներու յառաջընթացի եւ զարգացման համար։ Ան նաեւ յոյս կը յայտնէ, թէ Ախալքալաքի մարզիկները տուն պիտի վերադառնան լաւ արդիւնքներով։

«Մրցաշարքին կը մասնակցին դպրոցահասակ երեխաներ՝ ծնած 2011-2012 թուականներուն, Վրաստանի զանազան քաղաքներէն։ Յաղթողները յետագային պիտի մասնակցին Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն եւ այլ միջազգային մրցաշարքերու՝ պայքարելով ախոյեանութեան տիտղոսին համար։ Սպասումներ ունինք, որ մեր սաները պիտի վերադառնան յաղթանակով», — յայտնեց Աթոմ Էլիզպարեան։