Տիգրանակերտի մէջ հայերէնի անվճար դասընթացներ

  • by Editbeglari, February 11, 2026 in Գիտութիւն
147 դիտում

Տիգրանակերտի մէջ շուտով պիտի մեկնարկէ հայերէնի անվճար դասընթաց մը՝ դառնալով ուշագրաւ եւ խորապէս խորհրդանշական իրադարձութիւն տարածաշրջանի մշակութային կեանքին մէջ։

Ինչպէս կը հաղորդէ թրքական «Պիանէթ» լրատուական կայքը, Տիգրանակերտի քաղաքապետարանը կը կազմակերպէ քրտերէնի, հայերէնի եւ ասորերէնի դասընթացներ։ Դիմումներու ընդունումը արդէն սկսած է։

Ծրագիրը կեանքի կը կոչուի քաղաքապետարանի Արուեստի եւ ընկերային գործերու վարչութեան կողմէ՝ լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը խթանող կրթական նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս։ Դասընթացները ամբողջովին անվճար պիտի ըլլան եւ նախատեսուած են 16 տարեկանը լրացուցած բոլոր ցանկացողներուն համար։

Յատկանշական է, որ հայերէնը պիտի դասաւանդուի A1 եւ A2 մակարդակներով՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով սկսնակներուն իրենց առաջին քայլերը ընելու մայրենի լեզուի ուսուցման ճանապարհին։

Տիգրանակերտի մէջ հայերէնի դասաւանդումը ոչ միայն կրթական, այլ նաեւ խոր խորհրդանշական նշանակութիւն ունի․ ան կը վկայէ տարածաշրջանին մէջ մշակութային բազմազանութեան ճանաչման եւ լեզուական իրաւունքներու նկատմամբ աճող ուշադրութեան մասին։

Արդեօ՞ք այս նախաձեռնութիւնը նոր էջ մը կը բանայ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերէնի վերակենդանացման ճանապարհին ժամանակը ցոյց պիտի տայ, սակայն արդէն այսօր կարելի է արձանագրել, որ հետաքրքրութիւնը մեծ է, իսկ սպասումները՝ բարձր։