Հայերու ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելած է Վիենի քաղաքապետ Թիերի Քովաքսը

  • by Editbeglari, June 20, 2026 in Արմէնոսիդ
94 դիտում

Յունիսի 19-ին Հայերու ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելած է Ֆրանսայի Օվերն-Ռոն-Ալփ շրջանի եւ Սիւնիքի մարզի քոյր քաղաքներու համագործակցութեան ծիրին մէջ Հայաստան ժամանած պատուիրակութիւնը՝ Վիենի քաղաքապետ Թիերի Քովաքսի գլխաւորութեամբ։

Հիւրերը ծաղկեպսակ զետեղած են ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ, այցելած են թանգարան, ուր ծանօթացած են մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։

Այցի աւարտին պատուիրակութեան անդամները գրառումներ կատարած են Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ, այցելած են նաեւ Յիշողութեան պուրակ, ուր 2019 թուականին Օվերն-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ Լորան Վոքիեն եղեւնի մը տնկած էր։

Պատուիրակութիւնը դիմաւորած եւ այցելութեան ամբողջ ընթացքին ուղեկցած է ՀՑԹԻ թանգարանային աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեանը։