ԱՄՆ-ի The Washington Times պարբերականը, անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու հնարաւոր կարգաւորման, կը շեշտէ, որ նոյնիսկ սահմանի բացման պարագային Հայերու ցեղասպանութեան յիշողութիւնն ու պատմական արդարութեան պահանջը չեն կրնար անտեսուիլ։
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ 1915-ի Հայերու ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան եւ ազգային ինքնութեան հիմնասիւններէն մէկը։ Անկախ քաղաքական զարգացումներէն՝ հայ ղեկավար մը չի կրնար ժողովուրդը կոչ ընել մոռնալ Ցեղասպանութիւնը կամ հրաժարիլ պատմական արդարութեան պահանջէն։
Ըստ հրապարակման՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ նպաստել տարածաշրջանային կայունութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան, սակայն չի կրնար իրականացուիլ պատմական ճշմարտութեան հաշուոյն։ Հեղինակը կը շեշտէ, որ Հայերու ցեղասպանութեան յիշողութիւնը կը մնայ անսակարկելի արժէք, իսկ պատմական արդարութեան ճանաչումը կը շարունակէ կարեւոր նշանակութիւն ունենալ աշխարհի միլիոնաւոր հայերուն համար։
The Washington Times-ը նաեւ կը նշէ, որ միջազգային դերակատարները կրնան աջակցիլ երկխօսութեան, սակայն անցեալի ողբերգութիւնը չի կրնար վերացուիլ կամ մոռացութեան մատնուիլ որեւէ քաղաքական գործընթացի հետեւանքով։
Հայերու ցեղասպանութեան յիշողութիւնը չի կրնար դառնալ քաղաքական սակարկութեան առարկայ, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ հայ ժողովուրդի անօտարելի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ պատմական արդարութեան վերականգնման։
