Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին պաշտօնական հանդիպումը Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկոպոսին հետ

  • by Editbeglari, July 09, 2026 in Լուրեր
131 դիտում

Յուլիս 8-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի կարգավիճակով պաշտօնական ընդունելութեան արժանացած եմ Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկոպոս, Գերաշնորհ Տէր Խորխէ Իգնասիօ Կարսիա Քուէրվասի կողմէ։ Հանդիպումը տեղի ունեցած է Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկոպոսական պալատին մէջ։

Ինծի կ’ընկերակցէր դեսպանութեան պատուիրակութիւնը՝ Ռաֆայէլ Արթինեան, Սեբաստիան Մինյօ Կոկոսեան եւ Սիմոն Կարամանեան (հայրս)։

Պաշտօնական հանդիպումը անցած է ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ եւ տեւած է մօտ 50 վայրկեան։

Հանդիպման ընթացքին Գերաշնորհ Տէր Կարսիա Քուէրվասին ներկայացուցած ենք Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան գործունէութիւնը եւ յայտնած մեր աջակցութիւնը անոր հովուական առաքելութեան, որ վստահուած է Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Լեւոն ԺԴ.-ի կողմէ՝ որպէս Պուէնոս Այրէսի հայ կաթողիկէ համայնքի Տիրամայր Նարեկի եպարքիայի առաջնորդ։

Հանդիպման աւարտին կատարուած է պաշտօնական լուսանկարահանում, իսկ արքեպիսկոպոսին նուէր յանձնուած են Աւրորա Մարտիկանեանի գիրքը եւ շիշ մը հայկական գինի։