Արեւմտեան Հայաստանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Գագիկ Թադեւոսեան ՄԱԿ-ի նիստին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ուշադրութեան հրաւիրած է արհեստական բանականութեան եւ համացանցային հարթակներու միջոցով տարածուող հայատեացութեան աճող վտանգին։
Ան նշած է, թէեւ արհեստական բանականութիւնը այսօր դարձած է ժամանակակից աշխարհի ամենէն արդիական արհեստագիտութիւններէն մէկը, սակայն որոշ պետութիւններ զայն կ’օգտագործեն ոչ թէ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան, այլ ատելութեան քարոզչութեան նպատակներով։
Գագիկ Թադեւոսեանի խօսքով՝ համացանցին մէջ, մասնաւորաբար Ազրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն տարածուող բազմաթիւ հրապարակումներու եւ YouTube հարթակին վրայ շարունակաբար կը տարածուին հայերու նկատմամբ բռնութեան կոչեր՝ «սպաննել հայերը» բովանդակութեամբ։ Անոր գնահատմամբ՝ նման ատելախօսութիւնը վտանգաւոր է եւ կը յիշեցնէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակական սպառնալիքը, որուն վերջին դրսեւորումներէն մէկը Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումն էր։
