1919 թուականին կատարուած այս բացառիկ լուսանկարին մէջ պատկերուած են Հայերու ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ աղջիկներ, որոնք ազատագրուած էին թրքական գերութենէն եւ տեղափոխուած՝ ամերիկեան խնամակալութեան ներքոյ գործող որբանոցներ։
Անոնք այն հազարաւոր երեխաներէն էին, որոնք ցեղասպանութեան տարիներուն կորսնցուցած էին իրենց ընտանիքները, բռնի տեղահանուած, առեւանգուած կամ ենթարկուած՝ բռնի ձուլման։ Անոնցմէ շատերը յայտնաբերուած եւ փրկուած են ամերիկեան «Near East Relief» կազմակերպութեան իրականացուցած մարդասիրական գործողութիւններուն շնորհիւ։
Այս լուսանկարը ոչ միայն պատմական վկայութիւն մըն է, այլեւ յիշեցում՝ ցեղասպանութեան մարդկային ողբերգութեան, վերապրողներու տոկունութեան եւ ազգային յիշողութեան պահպանման կարեւորութեան մասին։
Պատրաստեց՝ Գեղամ Փափազեան
