Արեւմտեան Հայաստանի պատմական եկեղեցւոյ աւերակները պետական պահպանութեան տակ առնուած են

  • by Editbeglari, August 10, 2026 in Ժառանգութիւն
75 դիտում

Իսպարտայի Սիւթճիւլէր շրջանին մէջ՝ անտառային տարածքի մը մէջ գտնուող պատմական եկեղեցւոյ աւերակները առնուած են պետական պահպանութեան տակ։

2026 թուականի Յուլիս 13-ի որոշումով կառոյցը գրանցուած է իբրեւ առաջին կարգի պահպանութեան ենթակայ անշարժ մշակութային ժառանգութեան յուշարձան։ Պահպանութեան գօտիի սահմաններուն մէջ ներառուած են նաեւ եկեղեցւոյ հարակից տարածքները։

Որոշումը կարեւոր քայլ մըն է պատմական կառոյցի պահպանութեան եւ յետագայ ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ։