Արեւելեան Հայաստանի ՔԿ-ն գաղտնի կը պահէ զոհուածներու պահուող մասունքներուն վերաբերեալ տեղեկութիւնները

  • by Editbeglari, August 20, 2026 in Լուրեր
72 դիտում

Քննչական կոմիտէն նախաքննական գաղտնիք որակած է 2020 եւ 2023 թուականներու պատերազմներէն ետք Արեւելեան Հայաստանի դիահերձարաններուն մէջ պահուող զոհուած անձերու մասունքներուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը։

168.am-ի գրուած հարցումին ի պատասխան՝ ՔԿ-ն հրաժարած է յայտնել, թէ ներկայիս քանի մասունք կը պահուի դիահերձարաններուն մէջ, ուր կը պահպանուին անոնք, քանին ԴՆԹ-ով նոյնականացուած են եւ արդեօք բոլոր մասունքները անցա՞ծ են կրկնակի նոյնականացում։

Հարցին շուրջ նախապէս բարձրաձայնած էր անհետ կորսուած զինծառայող Վարդան Ադոյեանի մայրը՝ Անահիտ Ադոյեան։ Ան կասկածներ յայտնած էր ԴՆԹ նոյնականացման գործընթացին վերաբերեալ եւ պահանջած էր հնարաւորութիւն ստանալ ծանօթանալու պահուող մասունքներուն ու փորձաքննութիւններու արդիւնքներուն։

ՔԿ-ն իր պատասխանին մէջ նշած է, որ հարցումով պահանջուած տեղեկութիւնը կը պարունակէ հրապարակման ոչ ենթակայ նախաքննութեան տուեալներ եւ «Տեղեկատուութեան ազատութեան մասին» օրէնքին հիման վրայ չի կրնար տրամադրուիլ։ 

Միաժամանակ Արեւելեան Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մասունքները կը պահուին Մեծամoրի դիահերձարանին մէջ՝ պատշաճ պայմաններու ներքոյ, իսկ անոնց վերաբերեալ իրականացուած են նաեւ միջազգային փորձաքննութիւններ։