«Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մեսրոպ Առաքելեան ահազանգած է, որ անշարժ գոյքի շուկային վերջին աշխուժութեան հետեւանքով վարձակալութեամբ բնակող արցախցիները կրկին յայտնուած են խոցելի վիճակի մէջ։
Անոր խօսքով՝ բազմաթիւ պարագաներու տան սեփականատէրերը արցախցի վարձակալները բնակարաններէն դուրս կը հանեն կամ կտրուկ կը բարձրացնեն վարձավճարը՝ աւելի բարձր առաջարկ ստանալու պատճառաբանութեամբ։
Առաքելեանի ներկայացմամբ՝ Արցախի բռնի տեղահանումէն երեք տարի անց պետական ծրագիրներով բնակարան ձեռք բերած է շուրջ 19 հազար արցախցի՝ 120 հազար արցախցիներէն, այսինքն՝ շուրջ 16 տոկոսը։ Մնացեալ ընտանիքներու բնակարանային հարցը, ըստ անոր, կը շարունակէ չլուծուած մնալ։
Ան իշխանութիւնները կը մեղադրէ բնակարանային հարցը պատշաճ կերպով չլուծելու մէջ եւ կոչ կ՚ընէ բնակարան վարձակալութեամբ տրամադրող քաղաքացիներուն ըմբռնումով մօտենալ արցախցիներուն՝ այս դժուարին շրջանին զանոնք բնակութեան հնարաւորութենէ չզրկելով։
«Ապրելու երկիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչին գնահատմամբ՝ արցախցիներուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արժանապատիւ եւ կայուն բնակութեան ապահովումը կը շարունակէ մնալ հրատապ խնդիր։
