


Մայիս 18-ին Ախալքալաքի մէջ նշուած է «Ազգային տարազի» տօնը, որ Ախալքալաքի մէջ կը նշուի 2017 թուականէն։
Միջոցառման մասնակցած են շրջանի տարբեր գիւղերէն ժամանած պարային խումբեր։ Անոնք հաւաքուած են Ախալքալաքի կեդրոնը՝ մշակոյթի տան դիմաց, ազգային գեղեցիկ հագուստներով։ Բոլոր խումբերը միասնական ազգային պար ներկայացուցած են, որմէ ետք քայլերթով ուղղուած են դէպի Ախալքալաքի գաւառագիտական թանգարան։
Ըստ ծրագիրին՝ նախատեսուած էր համերգային միջոցառում «Խաս բախչա» պարտէզին մէջ, սակայն եղանակային պայմաններու պատճառով համերգը տեղի ունեցած է մշակոյթի տան մէջ։
Ելոյթ ունեցած են «Մուռջի», «Ջաւախք», «Կորխ», «Պարալեթ», «Վաչեան», «Խանդօ», «Սամսար», «Ալաստան», «Վարեւան», «Դադեշ», «Ագանա», «Կոկիօ» պարային խումբերը։
