«Ազնաւուրը` Կասպարեանի աչքերով» բացօթեա ֆոտոցուցահանդեսը Երեւանին մէջ

  • by Editbeglari, July 20, 2024 in Լուրեր
568 դիտում

Երեւանի Աբովեան փողոցին մէջ անց է կացուած ուշագրաւ ցուցահանդես՝ նուիրուած հանգուցեալ Ռոժէ Կասպարեանին յիշատակին։  

Ցուցահանդեսին մէջ ներկայացուած են եղած  բացառիկ լուսանկարներ, որոնք կը պատկերեն լեգենդար ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին, լուսանկարուած տաղանդաւոր լուսանկարիչ Ռոժե Կասպարեանին կողմէն։

Ռոժե Կասպարեան, ով յայտնի էր իր խորաթափանցութեամբ երաժշտութեան եւ մշակոյթի ամէնայայտնի դեմքերէն մէկի՝  Ազնաւուրին հետ յատուկ կապ ունէր։ Ցուցադրուող լուսանկարները կ՚առաջարկեն հազուագիւտ եւ մտերմիկ հայացք դէպի Ազնաւուրին կեանքն ու կարիերան՝ ցոյց տալով անոր խարիզման, կիրքը եւ այն խոր մշակութային կապերը, որոնք ան կը պահէր Հայաստանին հետ։

Ցուցահանդեսը յարգանքի տուրք է Ռոժե Կասպարեանին յիշատակին։ Այցելուները յնարաւորութիւն ունեցան ծանոթանալու Կասպարեանին բացառիկ աշխատանքներուն, որոնք ոչ միայն կ՚ընդգծեն Ազնաւուրին ժառանգութիւնը, այլեւ կ՚արտացոլեն լուսանկարչին բացառիկ գեղարուեստական տեսլականը եւ տեխնիկական վարպետութիւնը:

Ցուցահանդեսին ներկայ են եղած նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի պատուիրակութիւնը, Ազգային խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան եւ նախագահ  Լիտիա Մարկոսեան։

Ցուցահանդեսին մթնոլորտը լրացնելու համար կը հնչէր Շարլ Ազնաւուրին երաժշտութիւնը, ինչը յաւելեալ խորութիւն ու զգացմունքային հնչեղութիւն կը յաղորդէր միջոցառմանը։