Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան օրն էր
Շառլ Ազնաւուր իր երգերով կամուրջ դարձած էր տարբեր սերունդներու միջեւ։ Ան եղած է հենարանն ու յաջողութեան ջահը բազմաթիւ այն երգիչներուն, որոնք միջազգային բեմերու վրայ մեծ ճանաչում կը վայելեն։
Սակայն Ազնաւուրի կեանքին մէջ ֆրանսացի երգիչ Ճոնի Հոլիտէյ առանձնայատուկ սիրոյ եւ յարգանքի տեղ կը գրաւէր։ 1960-ականներուն Շառլ Ազնաւուրի գրած երգը եւ իր քրոջ՝ Այտա Ազնաւուրի ամուսնոյն՝ Ժորժ Կարուարենցի երաժշտութիւնը դարձան Ճոնիի յաջողութեան բանալին, եւ այդ պահէն սկսաւ անոր փառքի ուղին։ Այդ տարիներէն ի վեր անոնց մտերմութիւնը երբեք չընդհատուեցաւ․ ընդհակառակը՝ տարիները աւելի եւս մօտեցուցին զիրենք։ Ճոնին կը համարուէր Շառլի ընտանիքի անդամը՝ անոր որդին, կրտսեր եղբայրը եւ մտերիմը։ Անոնց բարեկամութեան մասին Ֆրանսայի երաժշտական աշխարհին մէջ բոլորը կը պատմէին։
2017-ին Ֆրանսան կորսնցուց աշխարհահռչակ ռոք երգիչ Ճոնի Հոլիտէյը։ Ի զարմանս բոլորին՝ Շառլ Ազնաւուր չէր մասնակցած անոր յուղարկաւորութեան։ Լրագրողի հարցումին պատասխանելով՝ Շառլ ըսած էր, թէ Ճոնին այնքան շատ սիրած է, որ անոր սուգը պիտի պահէ միայն հայկական ձեւով։
«Ինչպէս հայրը կը սգայ որդիի մահը, այնպէս ալ ես պիտի սգամ։ Հայաստանի մէջ հարազատի մահուան պարագային քառասուն օր սուգ կը պահեն, տունէն դուրս չեն գար․ ես ալ Ճոնիի մահը պիտի սգամ հայկական աւանդութեամբ»,– պատասխանած էր Շառլը։
Եւ ան իսկապէս քառասուն օր սուգ պահեց․ տունէն դուրս չելաւ, մերժեց բոլոր հրաւէրները եւ երկար ժամանակ համերգներ չտուաւ։
«Շառլ Ազնաւուրը խորապէս ազդուած էր Ճոնի Հոլիտէյի՝ գրեթէ շքերթի վերածուած յուղարկաւորութեան արարողութենէն»,– կը գրէին ֆրանսական լրատուամիջոցները։ Թերեւս ասիկա եղաւ նաեւ պատճառ մը, որ Շառլի ընտանիքը մերժեց աւելի ճոխ կերպով կազմակերպել Ազնաւուրի յիշատակի արարողութիւնը։
Շառլ Ազնաւուր կեանքին մէջ կը նախընտրէր համեստութիւնը։ Ան խաղաղ ու հանդարտ փակեց իր աչքերը՝ ընկղմելով յաւերժական քունին մէջ։ Իր վերջին ցանկութեան հաւատարիմ՝ անոր յուղարկաւորութիւնն ալ կատարուեցաւ համեստօրէն՝ իր հոգիին համահունչ։
Ծնունդդ շնորհաւոր, մեր հպարտութիւն։
