Արցախին մէջ հայոց մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած է, Բաքուն կ՚ոչնչացնէ այն, կը ծանուցէ Ավստրիոյ կաթոլիկական գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Զալցբուրգին համալսարանի պրոֆեսոր հայագէտ Յասմին Դում- Թրագութին:
Հայագէտին հետ այդ թեմայով հարցազրոյց է հրապարակուած Վիեննային եկեղեցական թերթին մէջ։
Դում-Թրագութի դիտարկմամբ, «խաղաղ ժամանակ արդեն Բաքուն ոչնչացուցած է 28,000 հայկական մշակութային կոթող, իսկ թէ հիմա ի՞նչ կը կատադուի Արցախին մէջ, յստակ չգիտենք, արտոնութիւն չկայ հոն մուտք գործելու, արբանյակային լուսանկարներն կը փոխանցեն»:
Դում-Թրագութ կ՚ընդգծէ, որ Արցախին մշակութային ժառանգութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունէ ոչ միայն որպէս քրիստոնեական վկայութիւն, այլեւ՝ համաշխարհային մշակութային արժէք:
