ՄՈՍԿՈՒԱ – Հայազգի աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այուազովսկիի «Յալթայի ափերուն մօտ» («Off the Coast of Yalta») կտաւը պիտի դառնայ Յուլիս 26-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք արուեստի խոշոր աճուրդի գլխաւոր նմոյշներէն մէկը։
Աճուրդի կազմակերպիչներուն գնահատմամբ՝ ստեղծագործութեան արժէքը կը կազմէ շուրջ 420 հազար տոլար, ինչ որ զայն կը դարձնէ վաճառքի ներկայացուած ամենաթանկ գործերէն մէկը։
Աճուրդին պիտի ներկայացուին նաեւ ռուս նշանաւոր նկարիչներ Կոնստանտին Մակովսկիի, Նիկոլայ Ռերիխի, Միխայիլ Նեստերովի, Կուզմա Պետրով-Վոդկինի, Բորիս Գրիգորիեւի, Բորիս Կուստոդիեւի եւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները։ Ներկայացուած հաւաքածոյի ընդհանուր գնահատուած արժէքը կը կազմէ շուրջ 1 միլիառ ռուբլի։
Յովհաննէս Այուազովսկի ծնած է 1817 թուականին Ղրիմի Թէոդոսիա քաղաքին մէջ եւ համաշխարհային ճանաչումի արժանացած է ծովային տեսարաններու, փոթորիկներու եւ ափամերձ բնապատկերներու իր բացառիկ կտաւներով։ Աւելի քան մէկ դար անց եւս անոր ստեղծագործութիւնները կը շարունակեն մեծ պահանջարկ վայելել միջազգային արուեստի շուկային մէջ՝ վաճառուելով բարձր արժէքներով։
