Հոկտեմբեր 13-ին, «Զանգակ» գրատան մէջ ներկայացուած է իտալահայ գրող Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վիպակին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը՝ Վարդան Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ։ Գիրքը լոյս տեսած է 2025 թուականին՝ Ազգային առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչութեան կողմէ։
Ձեռնարկին ընթացքին Անթոնիա Արսլան ներկայացուցած է գիրքին պատմութիւնը, իսկ գրող Վահան Զանոյեանն ու լրագրող Ռուբէն Ճանպազեան հատուածներ ընթերցած են։
Վիպակը կը ներկայացնէ 1915 թուականի Հայերու ցեղասպանութեան օրերուն հայկական մեծագոյն ձեռագիր մատեաններէն մէկուն՝ «Մշոյ ճառընտիր»-ին փրկութեան պատմութիւնը։
