Արարատի եւ Արագածի ներքոյ իրականացուած «1000 տհոլ» նախագիծը արձանագրուած է Guinness World Records գիրքին մէջ

  • by Editbeglari, May 21, 2026 in Լուրեր
126 դիտում

2026 թուականի Մայիսի 21-ին յայտնի երաժիշտ եւ երգահան Արա Գէորգեան հանրութեան ներկայացուց իր լայն արձագանգ գտած «Վերածնունդ» տեսահոլովակը, որ ստեղծուած է «1000 տհոլ» մշակութային նախաձեռնութեան ծիրին մէջ։ Նախագիծը, իր մասշտապով եւ գաղափարական խորութեամբ, դարձած է բացառիկ երեւոյթ հայկական մշակութային կեանքին մէջ եւ պաշտօնապէս արձանագրուած է Guinness World Records-ի գիրքին մէջ։

Նախագիծի նկարահանումները տեղի ունեցած են Արարատեան դաշտավայրին մէջ՝ Արարատի եւ Արագածի վեհ լեռներուն խորհրդանշական համայնապատկերին ներքոյ։ Սկիզբը նախատեսուած էր շուրջ հազար տհոլահարներու մասնակցութիւն, սակայն նախաձեռնութիւնը գերազանցեց բոլոր սպասումները՝ համախմբելով աւելի քան 1400 երաժիշտներ եւ պարային համոյթներ։ Ծրագիրին մասնակցեցան նաեւ սահմանամերձ համայնքներէ եկած երիտասարդներ՝ «1000 վահան» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ։

«Վերածնունդ» ստեղծագործութիւնը ունի ընդգծուած խորհրդանշական կառուցուածք․ ան կը սկսի տհոլներու հուժկու, գրեթէ մարտական ռիթմերով, ապա աստիճանաբար կը վերափոխուի հաշտութեան եւ միասնութեան երաժշտական պատկերով՝ հասնելով Կոմիտասեան «Տէր ողորմեայ» շարականի կատարման։ Այս երաժշտական անցումը կը խորհրդանշէ բաժանումէն դէպի համերաշխութիւն շարժումը։

Տեսահոլովակի գաղափարական առանցքը, ըստ հեղինակներուն, հասարակութեան ներսի բաժանումներու յաղթահարումն է։ Նախագիծի ստեղծման գաղափարը, ինչպէս նշած է Արա Գէորգեան, ծնած է երկուորեակ եղբայրներու մասնակցութեամբ դիպուածէ մը, որ զինք մղած է խորհելու հասարակական «կիսուածութեան» եւ միասնութեան անհրաժեշտութեան մասին։

Տեսահոլովակին մէջ այդ գաղափարը ներկայացուած է նաեւ աստուածաշնչեան խորհրդանշականութեամբ՝ Կայէնի եւ Աբելի կերպարներուն միջոցով, որոնք ի վերջոյ կը հաշտուին։ Վերջաւորութեան, վերեւէն դիտուած ընդհանուր պատկերը կը կազմէ մէկ բառ՝ «ՍԷՐ»։

«1000 տհոլ» նախագիծը այսպիսով ոչ միայն երաժշտական եւ տեսալսողական մեծածաւալ նախաձեռնութիւն մըն է, այլեւ համազգային խորհրդանիշ՝ ուղղուած միասնութեան, խաղաղութեան եւ մշակութային ինքնութեան ամրապնդման։