Արեւմտահայերու հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ ցուցադրուած է «Ուխտն ի Մաշտոց» վաւերագրական ֆիլմը

  • by Editbeglari, June 30, 2026 in Լուրեր
138 դիտում

Յունիսի 29-ին, Արեւմտեան Հայաստանի եւ արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է «Ուխտն ի Մաշտոց» փաստավաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը։ Միջոցառման ներկայ եղած են ֆիլմի բեմադրիչ Արտակ Աւդալեանը, հեղինակ Արփի Սիւքասեանը եւ ֆիլմի ստեղծման աշխատանքներուն մասնակցած այլ մտաւորականներ։

Ֆիլմի ցուցադրութենէն առաջ Արտակ Աւդալեանն ու Արփի Սիւքասեանը հակիրճ ներկայացուցած են, թէ ինչպէս ծնած է նման ֆիլմ նկարահանելու գաղափարը, եւ ինչպիսի դժուարութիւններու միջով անցած է ստեղծագործական խումբը՝ յատկապէս Արեւմտեան Հայաստան կատարուած աշխատանքներու ընթացքին։

«Ուխտն ի Մաշտոց» ֆիլմը նուիրուած է քանի մը հայերու ուխտագնացութեան պատմութեան, որոնք իրենց ճանապարհը սկսած են Մաշտոցի շիրիմին մօտէն՝ Օշականէն, հասած մինչեւ Տարոնի Հացեկաց գիւղ եւ հայ գիրերու գիւտի ընթացքին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անցած այլ ճանապարհներ։

Միջոցառման աւարտին ֆիլմի ստեղծման մէջ ներգրաւուած մտաւորականները պատասխանած են ներկաներու հարցումներուն։