2026 թուականին, երգահան, գործիքաւորող եւ դաշնակահար Արի Ալիճեան թողարկեց «Khachatur Avetisyan — A Centenary Tribute | 1926–2026» խորագրով ալպոմը՝ նուիրուած հայ անուանի երաժշտագէտ Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 100-ամեակին։
Ութ ստեղծագործութենէ բաղկացած ալպոմին մէջ Աւետիսեանի երաժշտութիւնը կը ներկայացուի նոր մշակումներով՝ դաշնամուրի, քանոնի, ուտի եւ դասական քամանչայի հնչերանգներու համադրութեամբ։ Նախագիծին մասնակցած են նաեւ Մարիաննա Գէորգեանը, Սերճան Հալիլին, Ալթուղ Օնչիւն եւ Սեւան Ինեափանը։
Ալպոմին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Արի Ալիճեանի՝ Խաչատուր Աւետիսեանին նուիրուած «Romance for Khachatur Avetisyan» հեղինակային ստեղծագործութիւնը։
«A Centenary Tribute»-ը նորովի կը ներկայացնէ Աւետիսեանի երաժշտական ժառանգութիւնը՝ միաժամանակ արժեւորելով անոր ձգած մշակութային ժառանգութիւնը։ Ալպոմը հասանելի է թուային երաժշտական հարթակներու վրայ։
