Արցախին նուիրուած երեք գիրքերու շնորհանդէսը

  • by Hasmik Karapetyan, October 01, 2026 in Լուրեր
112 դիտում

Սեպտեմբեր 23-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախին նուիրուած երեք հատորներու՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ՝ անաւարտ պատերազմ», Ռաֆֆի Քորթոշեանի «Արցախ՝ վտանգուած ժառանգութիւն 1» եւ «Արցախ՝ վտանգուած ժառանգութիւն 2» գիրքերու շնորհանդէսը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով։

Շնորհանդէսին զուգահեռ ցուցադրուեցան նաեւ արցախցի նկարիչներու աշխատանքները։ Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան։

Ելոյթներուն մէջ ընդգծուեցաւ գիրքերուն կարեւորութիւնը՝ որպէս Արցախի պատմութեան, մշակութային ժառանգութեան եւ հայութեան ներկայութեան փաստագրական վկայութիւններ։ Հատորներուն մէջ ներկայացուած են պատերազմի, շրջափակման եւ Արցախի մշակութային յուշարձաններուն վերաբերեալ լուսանկարներ եւ մասնագիտական նիւթեր։

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինին մէջ հանդէս եկան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչ Կասիա Լեւոնեան եւ սրնգահար Նաթալի Առաքելեան։ Ձեռնարկի աւարտին կազմակերպուեցաւ գիրքերու եւ նկարներու վաճառք։