Արցախէն բռնի տեղահանուելէ ետք, «Արցախի բալիկներ» մանկապատանեկան համոյթը, գեղարուեստական ղեկավար Գայանէ Յարութիւնեանի ջանքերով եւ «Տիալոկ» կազմակերպութեան աջակցութեամբ, վերսկսած է իր գործունէութիւնը Երեւանի մէջ։
4-16 տարեկան երեխաները երգի ու պարի միջոցաւ կը շարունակեն պահպանել արցախեան մշակութային ժառանգութիւնը։ Համոյթին վեցերորդ համերգը տեղի ունեցած է Երեւանի տիկնիկային թատրոնին մէջ՝ նուիրուած Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 105-ամեակին։
Համոյթին մեծագոյն երազանքն է օր մը կրկին բեմ բարձրանալ հայրենի Ստեփանակերտի մէջ՝ իրենց ծննդավայրին մէջ։
