Արցախցի կիներու նոր հնարաւորութիւնները՝ Մարաշի ասեղնագործութեան միջոցով

  • by Editbeglari, September 07, 2026 in Լուրեր
80 դիտում

Արցախէն բռնի տեղահանուած կիներուն համար մեկնարկած է Մարաշի ասեղնագործութեան ուսուցման ծրագիր մը։

Ծրագրին նպատակն է մասնակիցներուն տրամադրել մասնագիտական նոր հմտութիւններ, ստեղծել տունէն աշխատելու եւ ձեռագործ արտադրանք պատրաստելու հնարաւորութիւն՝ ապահովելով կայուն եկամուտի աղբիւր։

Միաժամանակ, նախաձեռնութիւնը կարեւոր դեր ունի հայկական մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող Մարաշի ասեղնագործութեան պահպանման, զարգացման եւ սերունդներուն փոխանցման գործին մէջ։

Ծրագիրը կ՚իրականացուի երկու խումբով՝ շաբաթական չորս դասընթացքով։ Անոր կը մասնակցին 18-62 տարեկան արցախցիներ, որոնք հնարաւորութիւն կը ստանան կատարելագործելու իրենց ձեռագործութեան հմտութիւնները եւ յետագային իրացնելու իրենց ստեղծած աշխատանքները։

Նախաձեռնութիւնը ոչ միայն մասնագիտական ուսուցման ծրագիր է, այլեւ կը նպատակադրէ արցախցի կիներուն համար ստեղծել աշխատանքի, ինքնուրոյնութեան եւ նոր հնարաւորութիւններու պայմաններ՝ միաժամանակ պահպանելով հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։