Երեւանի մէջ ներկայացուեցաւ «Արցախեան մշակոյթի թուային տունը» 

  • by Editbeglari, September 17, 2026 in Լուրեր
147 դիտում

Երեւանի մէջ ներկայացուած է «Արցախեան մշակոյթի թուային տուն»՝ artsakhian.org հարթակը, որուն նպատակն է հաւաքագրել, պահպանել եւ հանրայնացնել Արցախի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը։

Հարթակը ստեղծուած է «Մենք ենք մեր սարերը» զարգացման գործակալութեան նախաձեռնութեամբ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ։ Անիկա կը ներառէ Արցախի բանահիւսութիւնը, բարբառը, երգն ու երաժշտութիւնը, ծէսերն ու տօները, աւանդական գիտելիքներն ու արհեստները։

Հարթակը նաեւ թուային շտեմարան է՝ գրադարանով, տեսադարանով, պատկերադարանով, ձայնադարանով եւ բառարանով։ Նախաձեռնութեան հեղինակներուն համաձայն՝ նախագիծը նպատակ ունի Արցախի մշակոյթը ներկայացնել ոչ միայն իբրեւ անցեալի ժառանգութիւն, այլեւ իբրեւ կենդանի մշակոյթ, որ կը շարունակէ պահպանուիլ եւ փոխանցուիլ։