Երեւանի մէջ պիտի կայանայ էթնոերաժշտագիտութեան միջազգային հեղինակաւոր գիտաժողովը 

  • by Editbeglari, September 01, 2026 in Լուրեր
80 դիտում

Սեպտեմբեր 7-12-ը Երեւանը պիտի հիւրընկալէ Աւանդական երաժշտութեան եւ պարի աւանդութիւններու միջազգային խորհուրդի (ICTMD) «Երաժշտութիւն եւ փոքրամասնութիւններ» հետազօտական խումբի 13-րդ միջազգային գիտաժողովը։

Միջոցառման պիտի մասնակցին շուրջ 90 մասնագէտներ աշխարհի 35 երկիրներէն՝ աւելի քան 65 գիտական եւ կրթական հաստատութիւններէ։ Ծրագիրը կը ներառէ գիտական նիստեր, աշխատարաններ, համերգներ եւ մշակութային ձեռնարկներ։

Գիտաժողովին կարեւոր նիւթերէն են ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու մշակոյթը, Սփիւռքը, գաղթը եւ հարկադիր տեղահանումը, մշակութային յիշողութիւնը եւ ինքնութեան պահպանումը։

Հայաստանը միջոցառման պիտի ներկայանայ նաեւ Արցախի երաժշտական ժառանգութեամբ։ Բացման համերգին արցախցի կոյր երգիչ Մարատ Յարութիւնեան պիտի կատարէ Արցախի հորովելը՝ միաժամանակ ներկայացնելով տեղահանուած արցախահայութեան մշակութային ժառանգութիւնը։

Ծրագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները, հայկական համայնքներու մշակոյթը, ներառական արուեստը եւ Հայաստանի երաժշտական աւանդութիւնները։

Գիտաժողովը կարեւոր առիթ մըն է հայկական երաժշտագիտութիւնը միջազգային հարթակի վրայ առաւել տեսանելի դարձնելու եւ Արցախի ու հայկական մշակութային ժառանգութեան մասին միջազգային մասնագիտական շրջանակներուն մէջ խօսելու համար։