Սեպտեմբեր 20-էն կը մեկնարկի «Զարցանց»՝ արեւմտահայերէնով նոր առցանց ծրագիր, որ նախատեսուած է 3 տարեկանէն սկսեալ երեխաներու, պատանիներու եւ մեծահասակներու համար։
Ծրագրին մասնակիցները խմբային աշխատարաններու միջոցով հնարաւորութիւն պիտի ունենան արեւմտահայերէն խօսելու, կարդալու, գրելու, երգելու, խաղալու, ստեղծագործելու եւ մտքեր փոխանակելու։ Շաբաթական 3-5 ժամ անոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան լեզուն կիրառելու բնական եւ ջերմ միջավայրի մը մէջ։
«Զարցանց»-ը հասանելի է թէ՛ սկսնակներուն եւ արդէն հայերէն խօսողներուն, թէ՛ կարդալ-գրել սորվիլ ցանկացողներուն եւ լեզուն աւելի յաճախ կիրառելու հնարաւորութիւն փնտռողներուն։
Ծրագիրը ստեղծուած է «Զարմանազան» ամառնային ծրագրի առցանց փորձառութեան հիման վրայ։ Անիկա «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնն է եւ կը կազմակերպուի Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան կողմէ։
