https://www.1in.am/3734811.html
Օգոստոսի 8-ին Գառնիի տաճարին մէջ առաջին անգամ պիտի կայանայ Equinox երաժշտական փառատօնը, որ մէկ բեմի վրայ պիտի միաւորէ հայկական էթնիկ մեղեդիներն ու ժամանակակից ելեկտրոնային երաժշտութիւնը՝ ներկայացնելով կենդանի կատարումներ։
Փառատօնին հանդէս պիտի գան Ջիվան Գասպարեան կրտսերը (տուտուկ), Արտօ Թունչպոյաջեանը (հարուածային գործիքներ եւ վոկալ), Արտյոմ Մանուկեանը (թաւջութակ), Նիկոլայ Մատոյեանը (ջութակ) եւ Անահիտ Վարդանեանը (ելեկտրոնային ստեղնաշարային գործիքներ)։ Յատուկ հիւրն է յոյն դիջէյ Echonomist-ը։
Նախաձեռնութեան հեղինակ Թովմաս Մարտիրոսեանի խօսքով՝ նման ձեւաչափով կենդանի համերգ մը տակաւին չէ կազմակերպուած Հայաստանի մէջ։ Ծրագիրին մաս կը կազմեն նաեւ շարք մը առաջին ներկայացումներ, իսկ երաժիշտները բեմին վրայ պիտի ներկայացնեն էթնիկ եւ ելեկտրոնային երաժշտութեան ինքնատիպ համադրութիւններ։
Կազմակերպիչներուն նպատակը երաժշտութեան միջոցով Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններու հանրահռչակումն է։ Նախատեսուած է, որ Equinox փառատօնը դառնայ շարունակական նախաձեռնութիւն եւ տարուան ընթացքին կազմակերպուի չորս անգամ՝ տարբեր եղանակներու եւ Հայաստանի տարբեր պատմամշակութային վայրերու մէջ։
