Թարգմանչաց տօնը՝ լոյսի, գիրի եւ ինքնութեան խորհուրդով 

  • by WesternArmenia, November 04, 2026 in Լուրեր
86 դիտում

Կոստանդնուպոլսոյ Թոփգաբու թաղամասի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ «Իլքքան» սրահին մէջ մեծ շուքով նշուած է հայ ժողովուրդի նուիրական տօներէն՝ Թարգմանչաց տօնը, «Գիրէն դէպի ապագայ» խորագիրով։

Ձեռնարկին ընթացքին դպրոցի սաները հանդէս եկած են ասմունքով, թատերական ներկայացումներով, պարային եւ երաժշտական կատարումներով՝ արժեւորելով Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ անոնց աշակերտներուն թողած լուսաւոր ժառանգութիւնը։

Հանդիսութեան աւարտին հիւրերուն բաժնուած են աշակերտներուն պատրաստած՝ հայկական զարդանախշերով եւ թռչնագրերով էջանիշներ։ Տօնակատարութիւնը անգամ մը եւս ընդգծած է հայ գիրի ու լեզուի կարեւորութիւնը ազգային ինքնութեան պահպանման եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցման գործին մէջ։